2012-09-06 11:30:49

Սուրբերու Մասունքներ Եգիպտոսի Քրիստոնեաներու Համար` Զօրակցութեան Նշան Մը


Զուիցերիոյ Սան Մորիսի Աբբայարանը սուրբերու մասունքներ նուիրած է եգիպտացի քահանայի մը որպէս նշան զօրակցութեան Եգիպտոսի բոլոր քրիստոնեաներուն հանդէպ։
Մասունքները թէեւ հրաշք չեն գործեր սակայն կ'օժանդակեն հաւատքի ամրապնդումին, յայտնած է Աբբայարանի մեծաւորը։ Այդ մասունքները, աւանդութեան համաձայն, կը ներկայացնեն 300 թուականին հռոմէացիներու կողմէ սպաննուած նահատակները։ Սուրբ Թէոտորոս 380 թուականին կ'ամփոփէ նահատակներու մասունքները որ վերջնականապէս կը զետեղուին թագաւոր սուրբ Ժիզմոնտէի կողմէ կառուցուած Սան Մորիս կոչուած սրբավայրին մէջ 22 սեպտեմբեր 515-ին, "laus perennis"‚ ''վասն նահատակներու մշտնջենաւոր փառքին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.